2014-09-17 09:52:59

Կարտինալ Փարոլին` ''Քահանայապետը Ալպանիան կ՛այցելէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդնրուն ըսելու թէ կարելի է միասնաբար աշխատիլ''։


Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 21 սեպտմեբերին, Ալպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան Վատիկանի Պետքարտուղար` կարտինալ Փարոլին հաստատեց թէ ''դժուար է ըմբռնել Ալպանիայի անկախութիւնը առանց կրօնական զանազան դաւանանքներու համագործակցութեան` ուր քրիստոնեաները, օրթոտոքսներ, սիւննի եւ պէքդաշի իսլամ հասրակութիւնները խաղաղօրէն կ՛ապրին համատեղ''։ Ան ապա աւելցուց թէ մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւնը կը հիմնուի ներումի վրայ եւ թէ Քահանայապետը Ալպանիան կ՛այցելէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդնրուն ըսելու թէ կարելի է միասնաբար ապրիլ եւ աշխատիլ։
Ալպանիայի իրողութեան օրինակը – հաստատեց կարտինալ Փարոլինը – հերքումն է բոլոր այն մարդոց որ կրօնը կ՛օգտագործեն պատերազմներ յարուցանելու համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.